2012-01-10 12:25:33

Սկիւտարի Ս. Խաչ Երկրորդական Վարժարանը` Վերադարձնելու Ճանապարհին....


Սիրելի Հրանդ Տինքի աշակերտած Սկիւտարի Սուրբ Խաչ երկրորդական վարժարանը (երբեմնի Դպրեվանքը)՝ Թուրքիոյ Վաքըֆներու Խորհուրդին դիմում ներկայացուցած է կալուածն ու հաստատութիւնը հայկական համայնքին վերադարձնելու համար։ Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Ռատիքալ» թերթը:
Անցեալ ամրան «Փորքամասնութիւններու ստացուածքներու օրէնք»ին ընդունումէն ետք, այս հարցին համար Վաքըֆներու խորհուրդին եղած էր 11 դիմումներ , բայց փաստաթուղթերու կիսատ ըլլալուն պատճառով՝ դիմումները նկատի չէին առնուած: Այժմ դիմումը ղրկուած է Անգարա եւ անիկա պիտի քննուի Վաքըֆներու Խորհուրդին կողմէ: Համայնքի կարծիքին համաձայն՝ դիմումը հասած է վերջին հանգրուան եւ այս ամիս արդիւնք պիտի ստանայ։
Սկիւտարի Դպրեվանքը, հիմնադրուած է 1953ին հոգեւորականներ պատրաստելու նպատակով։ 1985ին անիկա առնուած է Պոլսոյ հայկական համայնքի ձեռքէն: Մէկ ամիս առաջ հայ համայնքը դպրեվանքի կալուածը վերադարձնելու դիմում կատարած էր: Եթէ դպրեվանքը ճանչցուի իբրեւ համայնքապատկան հաստատութիւն, բոլոր հայերու զաւակները՝ թրքական քաղաքացիութիւն ունեցող կամ ոչ՝ կրնան ուսանիլ այս դպրոցին մէջ: Ներկայիս Սկիւտարի Սուրբ Խաչ վարժարանը կը գործէ մասնաւոր դպրոցի կարգավիճակով: Վաքըֆներու խորհուրդին ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթեմ ըսած է, թէ Վաքըֆներու խորհուրդը պիտի գնահատէ այս դիմումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.